Կարծիք

09.11.2010 16:32


Բանա՛լ վարագույրը

Բանա՛լ վարագույրը

Թուրքիոյ նախագահին կատարած յայտարարութիւնը, թէ կը շարունակուին Երեւան-Անգարա անձայն յարաբերութիւնները հաւանաբար նուազ ուշադրութեան արժանանային, եթէ զուգահեռ՝ Զուիցերիոյ նախագահ Տորիս Լէոթարտը թրքական մամուլի ներկայացուցիչներուն այդ ուղղութեամբ յայտարարութիւն չընէր։ Աւելի խորաթափանց ընթերցումը երկու յայտարարութիւններուն կրնայ համոզել հետեւողը, որ խորքին մէջ հիմնական նոր յայտնաբերում չի կատարուիր այստեղ։
Ի սկզբանէ պէտք է վերապահութեամբ մօտենալ Զուիցերիոյ նախագահին կատարած յայտարարութեան բովանդակութեան, որովհետեւ աղբիւրը այդ բոլորին, թրքական մամուլն է։ Հիմնականին մէջ «Զաման»ը։ Հարցազրոյցը կատարուած է Թուրքիոյ նախագահին Զուիցերիա տալիք այցելութեան առիթով։
Լուրին զուիցերիական տարբերակը որոնելու մեր խմբագիրներուն աշխատանքները արդիւնք չտուին։ Զուիցերիոյ նախագահին պաշտօնական կայքէջը որեւէ նիւթ չէր տեղադրած այս մասին։ Զուիցերիական թերթերու ելեկտրոնային կայքէջերուն վրայ եւս այս ուղղութեամբ նորութիւն չկար։
Երեւոյթը բարացուցական է քաղաքական ընթերցումները շարունակելու համար։ Հիմնական յայտարարութիւն չէ կատարուածը պաշտօնական Պեռնին համար։ Միջնորդական առաքելութեան վերաշխուժացման հանգրուան մը անպայման պիտի չսպասէր թրքական մամուլի մէկ ներկայացուցիչին հարցազրոյցին եւ որոշ նախաձեռնութիւն ցոյց տար այդ ուղղութեամբ։ Ոչ միայն չէ եղած այդ մէկը, այլ նաեւ զուիցերիական քաղաքական թէ լրագրողական դաշտերուն մէջ անտեսուած է թեման՝ գոնէ մեզի ծանօթ կայքէջերը նկատի ունենալով։Նախաձեռնութիւնը ուրեմն թրքական կողմն է, որ կ՛առնէ, այս պարագային մամուլի միջոցով։։
Զուիցերիոյ նախագահը պարզապէս կ՛ըսէ, որ յարաբերութիւններու թղթածրարը քննարկման սեղանի վրայ է։ Այս հաստատումը ինքնին չ՛ենթադրեր որ զանոնք ապասառեցնելու նոր գործօններ յայտնուած են։ Լէոթարտի արտայայտութիւններուն ուշադիր ընթերցումը  կ՛առաջնորդէ այն մեկնաբանութեան, որ դասական միջնորդէ մը ակնկալուած ընդհանուր հաստատումներ են կատարուածները։ Պետութիւններն հասարակութիւնները պէտք է համապատասխան մթնոլորտ ձեւաւորեն, որպէսզի տեղաշարժ ապահովուի։ Իսկ եթէ յայտարարուէր, որ թղթածրարը «սեղան»ի վրայ չէ, կամ առ հասարակ օրակարգի կէտ ըլլլաէ դադրած է, ապա այդ պարպագային աւարտած կ՛ըլլար նաեւ Զուիցերիոյ միջնորդական առաքելութիւնը։ Ճիշդ է որ այդպէս չէ, սակայն միեւնոյն ժամնաակ ճիշդ է նաեւ, որ Երեւան-Թուրքիա յարաբերութիւնները ապասառեցնելու նոր մղիչ գործօններ տեսանելի չեն տակաւին։
Յստակ է, որ յարաբերութիւններու վերաշխուժացման պատրանքի մթնոլորտը թրքական կողմն է, որ կը փորձէ ստեղծել։ Այս մէկը արդէն քանի երորդ հրապարկումն է  անձայն յարաբերութիւններու, լուռ դիւանագիտութեան , վարագոյրի ետին տարուող բանակցութիւններու կամ ընդհանրապէս արձանագրութիւները ուժի մէջ պահած ըլլալու մասին։
Հայկական կողմը այս ուղղութեամբ կը շարունակէ պահել իր վերապահ մօտեցումը։ Աւելի՛ն. գաղտնի բանակցութիւններուն մասին թրքական կողմէն հրապարակուած յայտարարութիւններն ու լրատուութիւնները հերքուած են պաշտօնական Երեւանի կողմէ։ Պատրանք ստեղծելու թրքական խաղը լրիւ չէզոքացնելու համար վերապահութիւնն ու հերքումը բաւարար չեն յայտնապէս։ Նոյեմբերին, նախագահ Կիւլին Զուիցերիա կատարելիք այցելութեան պիտի հետեւի պատրանքի քաղաքականութեան շեշտակիացումը։
Պատրանքի ստեղծման այս քարոզչաքաղաքական գործողութիւնները լուրջ հարուած կը ստանան եւ կը չէզոքացուին ամբողջովին, եթէ պաշտօնական Երեւանը յայտարարէ, որ արձանագրութիւններու վաւերացման գործընթացի սառեցումը եւս որեւէ ձեւով չազդեց Անգարային վրայ յետ կանգնելու իր նախապայմանային քաղաքականութենէն։ Առ այդ, բոլոր պատճառները հասունցած են արձանագրութիւններէն յետս կոչելու համար հայկական կողմի ստորագրութիւնը։
Այս քայլը ամբողջովին կը փարատէ իբրեւ թէ վարագոյրի ետին կատարուղ Անգարայի ստեղծած պատրանքի մթնոլորտը։ Կը նեղցնէ թրքական խաղին անկիւնը եւ նպաստաւոր ենթահող կը ստեղծէ միջազգային ընտանիքէն սաստկացնելու համար յարաբերութիւնները առանց նախապայմանի զեռօ կէտէն սկսելու ճնշումները։
Այլապէս, կասկածի մթնոլորտ փարատելու եւ թրքական քարոզչութեան հակազդելու համար հերթական անգամ պաշտօնական Երեւանը ստիպուած պիտի ըլլայ հերքելու Անգարայի կիրարկած պատրանքի իւրաքանչիւր գործողութիւն։ Ստորագրութեան յետս կոչումը հիմնովին կը սպառէ  Թուրքիոյ նախաձեռնած մարտավարական այս խաղը։
Լուռ կամ վարագոյրի ետին բաժին մը կամ կայ անշուշտ այս բոլորին մէջ։ Ասթանայէն առաջ բեկում կ՛ակնկալէ Ազրպէյճանը։ Այդ բեկումը թրքական նախապայմանն է յարաբերութիւնները Հայաստանի հանրապետութեան հետ բնականոնացնելու։ Հայկական կողմը պէտք է բանայ այս վարագոյրը՝ արձանագրութիւնները չեղեալ յայտարարելով։

Շահան Գանտահարեան

«Ազդակ» գլխավոր խմբագիր

Այս խորագրի վերջին նյութերը