Աշխարհ

12.11.2010 12:25


Արամ Ա Կաթողիկոս. «Միջին Արևելքի քրիստոնեությունը պատկանում է այս տարածաշրջանի հողին, մշակույթին ու պատմությանը»

Արամ Ա Կաթողիկոս. «Միջին Արևելքի քրիստոնեությունը պատկանում է այս տարածաշրջանի հողին, մշակույթին ու պատմությանը»

Յատուկ ժամադրութեամբ Անթիլիասի Մայրավանք ժամանած տասնհինգ ամերիկացի ու քանատացի մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին խօսք առնելով՝ Արամ Ա. կաթողիկոս կարեւորութեամբ շեշտեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն ամուր կապուածութիւնը շրջանին: Վեհափառը ըսաւ. «Միջին Արևելքի քրիստոնէութիւնը եկուոր չէ. ան կը պատկանի Միջին Արեւելքի հողին, մշակոյթին, քաղաքակրթութեան ու պատմութեան: Շրջանին զարգացման ու յառաջդիմութեան մէջ կարեւոր դեր ունեցած է քրիստոնէութիւնը: Միջին Արեւելքի մեծ իրագործումներուն մէջ ան իր յատկանշական դերը ունեցած է: Չմոռնանք, որ քրիստոնէութեան ծննդավայրը հոս է: Չմոռնանք, որ քրիստոնէութեան մտածողութեան, վկայութեան ու մշակոյթին մեծագոյն դէմքերը Միջին Արեւելքին կը պատկանին: Այս խոր գիտակցութեամբ կÿապրին ու կը վկայեն եկեղեցիները Միջին Արեւելքի մէջ»:

Պատասխանելով Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան դիմագրաւած ներկայ տագնապներուն գծով իրեն ուղղուած հարցումի մը՝ վեհափառը ըսաւ. «Ե՞րբ քրիստոնէութիւնը տագնապներ չէ ապրած Միջին Արեւելքի մէջ: Մօտէն քննեցէք պատմութիւնը քրիստոնէութեան, այս շրջանին մէջ: Արդարեւ, քրիստոնէութեան պատմութիւնը եղած է կենդանի նահատակութիւն մը: Քրիստոնէութիւնը իր կեանքով ու նպատակով վկայութիւն է. վկայութիւն՝ Բեթղեհէմի ճամբով աշխարհին յայտնուած արժէքներուն, սկզբունքներուն ու ճշմարտութիւններուն մասին: Նման վկայութիւն մը դիւրին չէ. ան կÿենթադրէ զոհողութիւն ու նոյնիսկ նահատակութիւն, ինչպէս եղաւ վկայութիւնը Քրիստոսին: Հետեւաբար, քրիստոնէութեան դիմագրաւած ներկայ տագնապները ես կը նկատեմ, որոշ իմաստով, անբաժան մասը քրիստոնէութեան վկայութեան»:

Այլ հարցումի մը, թէ Միջին Արեւելքի կարգ մը շրջաններու մէջ իսլամ արմատականներ կամ ծայրայեղականներ սկսած են հալածել քրիստոնեաները, վեհափառին պատասխանը եղաւ յստակ. «Անհրաժեշտ է այս հարցը դիտել աւելի լայն հայեցակէտով. ծայրայեղ իսլամութիւնը ամէն բանէ առաջ վտանգ մըն է նոյնինքն իսլամութեան համար: Ան լուրջ վտանգ մըն է նաեւ շրջանին մէջ ներքին կայունութեան ու ապահովութեան գծով: Հետեւաբար, ես վստահ եմ, որ նոյն այս մօտեցումը ունին նաեւ իսլամները: Հաւաքական մարտավարութիւն ու ռազմավարութիւն պէտք է մշակել արմատական ու ծայրայեղ շարժումներուն դէմ: Այլապէս անոնք կրնան Միջին Արեւելքը լուրջ վտանգներու դիմաց դնել: Այս ծիրին մէջ, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը եւ գործակցութիւնը ես կը նկատեմ հրամայական: Խոր գոհունակութեամբ կÿուզեմ հաստատել, որ Պաղտատի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած ոճրային արարքին առիթով, նոյնիսկ քրիստոնեաներէն առաջ իսլամներ՝ պետական թէ քաղաքական, կրօնական թէ համայնքային պատասխանատուներ խիստ կերպով հակազդեցին՝ դատապարտելով բարբարոսային այս արարքը: Նման չարագործութիւններ պարտութեան մատնելու ապահով ճամբաներէն մէկը քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութիւնն է»:

Ապա, լրագրողները իրենց հարցումներուն ուղղութիւնը դարձուցին դէպի վերջերս Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած Միջին Արեւելքի յատուկ սինոտը: Այս ծիրին մէջ վեհափառին ուղղուած առաջին հարցումն էր՝ ինչպէ՞ս կը բնորոշէք Վատիկանի սինոտը: Վեհափառը ըսաւ. «Վատիկանի սինոտը ես կը նկատեմ արթնութեան կոչ մը. կոչ մը՝ ուղղուած Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն, կոչ մը՝ ուղղուած իսլամներուն, կոչ մը՝ ուղղուած աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներուն»:

Վեհափառի յիշեալ բնորոշումին լոյսին տակ, լրագրողներ նախ հարցուցին թէ շրջանի քրիստոնէութեան ուղղուած արթնութեան կոչը ի՞նչ կÿենթադրէ: Պատասխանելով այս հարցումին՝ Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Նախ կÿուզեմ կարեւորութեամբ յիշեցնել, թէ երբ Վատիկանի սինոտին մեր Սուրբ Աթոռին ներկայացուցիչը ղրկելու հրաւէր ստացայ, թէ՛ իմ պատասխան նամակիս մէջ եւ թէ՛ մեր ներկայացուցիչը սինոտի ընթացքին իր պատրաստած խօսքին մէջ հետեւեալ կէտերը շեշտեցինք. ա) Բնական է, որ Վատիկանի նախաձեռնութեամբ տեղի ունենալիք նման սինոտ մը ուղղուած ըլլայ միայն կաթողիկէ եկեղեցիներուն: Սակայն Միջին Արեւելքին մէջ կաթողիկէ եկեղեցիներու մտահոգութիւնները ու մարտահրաւէրները նա՛եւ միւս եկեղեցիներուն կը պատկանին: Հետեւաբար, Վատիկանի սինոտը ես որոշ իմաստով կը նկատեմ շրջանի ամբողջ քրիստոնէութեան վերաբերող կարեւոր նախաձեռնութիւն մը: բ) Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական միութիւնը հրամայական անհրաժեշտութիւն է, թերեւս երկրագունդի որեւէ մէկ շրջանէն աւելի: Անհրաժեշտ է, որ պահելով հանդերձ իրենց աստուածաբանական տարբերութիւնները, եկեղեցիները գործնապէս արտայայտեն իրենց միութիւնը՝ կառչած մնալով քրիստոնէական հիմնական արժէքներուն: գ) Վատիկանի սինոտին մէջ յատուկ կարեւորութիւն պէտք է ընծայուի քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութեան, որովհետեւ ոչ միայն դարեր շարունակ քրիստոնէութիւն ու իսլամութիւն միասին ապրած ու գործած են, այլ նաեւ այսօր ներկայ աշխարհի տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն դիմաց, անոնք կոչուած են վերաշեշտելու իրենց գոյակցութիւնը ու գործակցութիւնը»: Ապա վեհափառը աւելցուց ըսելով. «ուրախութեամբ ողջունեցի Վատիկանի սինոտի քննարկումներուն ու եզրակացութիւններուն մէջ յիշեալ կէտերուն գծով կատարուած կարեւոր անդրադարձը»:

Այս խորագրի վերջին նյութերը