Լրահոս

14.01.2011 09:25


Ճգնաժամ և միջնորդական առաքելություններ

Հերթական ճգնաժամ է լիբանանեան քաղաքական հրապարակին վրայ։ Ազգային միութեան դահլիճը մէկ ու կէս տարուան կեանքէն ետք փուլ եկաւ։ Կառավարութեան նիստի գումարման անորոշութիւնը, հրատապ օրակարգերու քննարկումի անվերջանալի յետաձգումները այլընտրանք չձգեցին ընդդիմութեան համար, որ գործող կառավարութեան   անարդիւնաւէտ եւ անգործունեայ իրավիճակին վերջ տալու համար դիմեց այս քայլին։

Կառավարութեան նիստ վերագումարելով՝ հրատապ, կենսական այլ առկախ մնացած խնդիրները քննարկելու բոլոր փորձերը արդիւնքի չէին յանգած փաստօրէն։ Մինչ, ուղղակիօրէն միջազգային դատական ատեանին կազմութեան եւ անոր առնչուած գերքաղաքական նպատակներու իրականացման համար կը շարունակուէին գերտէրութիւններու մօտեցումները պետական հաստատութիւնները անգործունեայ պահելով, միջազգային քաղաքական շրջագայութիւններ կազմակերպելով, ժամանակ սպառելով եւ մինչ այդ արտալիբանանեան կեդրոններու մէջ այս երկրին եւ տարածաշրջանին մասին եղած պատկերացումները գործնականացնելու քաղաքականութիւն կիրարկելով։

Հակափաստարկ գրեթէ գոյութիւն չունի. համընդհանուր համոզում է արդէն, որ սուրիական-սէուտական հաւանական համաձայնութիւնը ձախողցուեցաւ Ուաշինկթընի կողմէ՝ երկիրը  քաղաքական կայունացման, ազգային միութեան դահլիճի փրկութեան եւ միջազգային օրակարգերուն դիմաց քաղաքական դաշտը նոր բեւեռացումներէ հեռու պահելու փոխարէն  մեծ ետդարձ մը արձանագրելու։

Նախատոհա հանգրուանի այս վերադարձի պատասխանատուութիւնը, եթէ հիմնականին մէջ արտալիբանանեան քաղաքական կեդրոններուն կը վերագրուի, նոյնքան նաեւ լիբաբանեան այն կողմերուն, որոնք պարզապէս այս իրականութեան գոյացման համար պատուէր կատարողի դիրքերուն վրայ յայտնուեցան հերթական անգամ։ Ո՛չ պետական հաստատութիւններուն եւ ոչ ալ երկխօսութեան նախագահական սեղաններու շուրջ համալիբանանեան համախմբուածութիւն տեղի ունեցաւ, երբ երկիրն ու ժողովուրդը պէտք էր դուրս բերել փակուղիէն։

Միջազգային լրահոսը մեծ լուսարձակներ յատկացուց լիբաանանեան նորագոյն քաղաքական ճգնաժամի ծալքերուն վրայ։ Նկատառելի էր անոնցմէ ոմանց պատահածը «Հըզպալլա»ի ուսերուն բարդելու քարոզչաքաղաքական մօտեցումը։ Միջազգային լրահոսի տեղեկատուական շեշտուած այս գիծին ներքաշուեցան հայաստանեան կարգ մը լրատուամիջոցներ, որոնք պարզապէս կատարեցին անոնց հրամցուցածին թարգմանութիւնը։ Տեղեկատուական զգօնութիւնը նման պարագաներու աւելի քան անհարժեշտ է. Լրագրողական ոչ-արհեստավարժ մօտեցումի արդիւնքները, նման պարագաներու, կրնան դուռ բանալ քաղաքական մեկնաբանութիւններու եւ համազօր նկատուիլ այս կամ այն լրատուամիջոցի ետին կանգնած քաղաքական հոսանքին դիրքորոշումին։

Մինչեւ նոր կառավարութեան կազմութիւն, վարչապետի թեկնածութեան շուրջ նախագահական խորհրդակցութիւներէն սկսեալ  մինչեւ դահլիճի բնոյթի ճշդում եւ մասնակից ուժերու չափաբաժիններու յստակացում ու համաձայնեցում նոր հանգրուան մըն է, որ կը թեւակոխենք։ Թէ ո՞րքան հեզասահ կ՛ընթանայ ժողովրդավարական այս ընթացակարգը մեծաւ մասամբ կախեալ կը թուի ըլլալ արտաքին ուժերու միջամտութիւններէն։

Այս ժամանակահատուածին նման արձանագրուելիք միջամտութիւններու շարքին առաջիններէն է, որ ինքնակոչ կ՛առաջադրուի Անգարան իր արտաքին գործոց նախարարի ճամբով։ Առնչուած կողմերը սիրաշահելու միջին արեւելեան եւ լիբանանեան թրքական քաղաքականութեան համար անշրջանցելի առիթ է այս երկրին քաղաքական հրապարակին մէջ կատարուող իրադարութիւնը  նման պահու։

Լիբանանի քաղաքական հրապարակին վրայ օտար խաղերու ներկայ հանգրուանին դերակատարութեան ինքնաստանձնում կը կատարէ Անգարան առաջին իսկ վայրկեանէն։ Կողմերը պէտք է գիտակցին որ այդ դերակատարութիւնը ի շահ Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն չէ անպայման։

Շահան Գանտահարեան

«Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր

Այս խորագրի վերջին նյութերը