Լրահոս

02.09.2009 12:01


Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակյան Կուսակցության հայտարարությունը

Օգոստոս  31-ին հրապարակուեցան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկու արձանագրութիւններ՝   յարաբերութիւններու զարգացման  եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման շուրջ: Այդ փաստաթուղթերու լուրջ ուսումնասիրութիւնը կու գայ ցոյց  տալու, որ սկսած է Հայաստանին միակողմանի զիջումներ եւ ամբողջական անձնատուութիւն  պարտադրելու անթաքոյց գործընթացը:

Այսպէս՝

Ա.-Հաւասարութեան, ինքնիշխանութեան եւ այլ պետութիւններու ներքին գործերուն  չմիջամտելու, տարածքային ամբողջականութեան ու սահմաններու անխախտելիութեան սկզբունքները յարգելու  իրենց երկկողմ ու բազմակողմ պարտաւորութիւններու վերաբերեալ կէտով, Հայաստան փաստօրէն կÿընդունի  Արցախը Ատրպէյճանի  կազմին մէջ ձգելու պարտաւորութիւնը:

 Բ.- Խօսելով երկու ժողովուրդներու միջեւ փոխվստահութեան վերականգնման եւ  երկխօսութեան նպատակով  պատմական արխիւներու ուսումնասիրութեան միջոցով գոյութիւն ունեցող խնդիրներու յստակեցման մասին, Հայաստան կը համաձայնի Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը փակել, բաւարարուելով յանձնաժողովային քննարկումներով:

Գ.-Վերահաստատելով երկու երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող ընդհանուր սահմանի փոխադարձ ճանաչումը,  Հայաստան կը համաձայնի  ճանչնալ հայութեան պարտադրուած Կարսի պայմանագիրը:

Ցարդ կը խօսուէր առանց նախապայմաններու, հայ-թրքական յարաբերութիւններու հաստատման մասին, սակայն այս արձանագրութեանց ամբողջ բովանդակութիւնը մեզ կը յուշէ, որ սահմանի բացման դիմաց շատ սուղ գին պիտի վճարէ ողջ հայ  ժողովուրդը: Եթէ սահմանի բացման եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման գինը պիտի ըլլայ Ցեղասպանութեան փաստը կասկածի տակ առնելը եւ միջպետական պատմաբաններու յանձնախումբի ստեղծման միջոցով Մեծ եղեռնի ուրացումը, ապա զայն պէտք է դիտարկել որպէս մեծ դաւաճանութիւն մեր անմեղ զոհերու յիշատակին  ու համայն հայութեան նկատմամբ:

 Ընդունելով ու վաւերացնելով հայ-թրքական ճանապարհային քարտէսը, Մեր ժողովուրդին կը    պարտադրուի ոչ միայն հրաժարիլ մեր տարածքային պահանջատիրութենէն, այլ նաեւ՝ կը  բացառէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հետագայ մասնակցութիւնը բանակցային գործընթացին եւ  Արցախի ճակատագրի կանխորոշումը՝ առանց անգամ արցախահայութեան կամքը նկատի առնելու:

Մենք բազմիցս յայտարարած ենք, որ Հայ-Թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը չի կրնար  իրականացուիլ առանց Սփիւռքի մասնակցութեան, քանզի այսօրուայ Սփիւռքի գոյութիւնը հիմնականին մէջ  պայմանաւորուած է Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած Ցեղասպանութեամբ: Առանց հաշուի առնելու հայ ժողովրդի հաւաքական կարծիքը, Հայաստանի իշխանութիւնները մեզ կը դնեն անհեռանկար ու վտանգաւոր կացութեան մը մէջ:

 Հետեւաբար, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան համար մերժելի են ներկայացուած փաստաթուղթերը ու մենք պատրաստ ենք գործակցելու մեր ազգի բաղկացուցիչ բոլոր տարրերուն հետ, տապալելու համար այս համաձայնագրերու վերջնական վաւերացումը:  

 

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնրակյան Կուսակցության կենտրոնական վարչություն

 

 

 

Այս խորագրի վերջին նյութերը